Հայ Օգնութեան Միութեան վաստակաւոր անդամներէն՝
Կեդրոնական եւ Շրջանային մակարդակի ղեկավար պաշտօններ վարած Հայկուշ Քոհլըր
Հինգշաբթի, 1 Մարտին, 100,000 տոլար նուիրեց Ախալցխայի Հայ կեդրոնին, որ այսուհետեւ պիտի կրէ իր անունը: Իր նուիրած գումարով ամբողջովին պիտի վերանորոգուի շրջանին համար կարեւոր հաւաքատեղի դարձած կեդրոնը:
Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըր տարիներ շարունակ մեծ նուիրումով ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան եւ ղեկավարած է ՀՕՄի Ջաւախքի յանձնախումբը, սատարելով այդ շրջանի հայութեան կրթական եւ մշակութային վերելքին:
ՀՅԴի վաստակաւոր անդամ Հայկուշ Քոհլըր
նաեւ բազմաթիւ բարեգործութիւններ իրականացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ,
ինչպէս նաեւ իր մշտական աջակցութիւնը շնորհած է համայնքիս ազգային հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն:
Լուսանկարում՝
Ձախէն աջ՝ Յարութ Մանուկեան, Լենա Պoզոյեան, Հայկուշ Քոհլըր եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Կարօ Իսփէնճեան:
Մեկնաբանություններ